image

«Եթէ Հայաստանը կամենայ». Լաւրով խօսած է ՀԱՊԿ առաքելութեան տեղակայման հնարաւորութեան մասին

«Եթէ Հայաստանը կամենայ». Լաւրով խօսած է ՀԱՊԿ առաքելութեան տեղակայման հնարաւորութեան մասին

Հայաստանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)  առաքելութիւն տեղակայելու Ռուսիոյ առաջարկը դեռ արդիական է, եթէ Հայաստանը դեռ շահագրգռուած է, առաքելութիւնը կրնայ տեղակայուիլ (հայ-ատրպէյճանական սահմանին-Խմբ.) մէկ-երկու օրուան ընթացքին, հինգշաբթի ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը։

«Առաջարկը դեռ սեղանին է, եւ եթէ մեր հայ դաշնակիցներն ու ընկերները դեռ շահագրգռուած են ատնով, ապա այդ առաքելութիւնը կրնայ տեղակայուիլ ընդամէնը մէկ կամ երկու օրուան ընթացքին»,-ըսած է Լաւրովը «Ռոսիա 24» հեռուստաալիքին եւ ՌԻԱ «Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին։ 

Լաւրով, շարունակելով նախորդ տարուան սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ռազմական յարձակման թեման, ընդգծած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ)  այս բարդ իրավիճակին մէջ պատրաստած է խաղաղապահ գործողութեան տեղակայման ծրագիր, որն ալ ներկայացուած էր Երեւանի մէջ կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովին:

«Սակայն հայ գործընկերները ատոր համաձայն չեղան։ Անոնք յայտարարեցին, որ նման որոշում իրենց պէտք է միայն այն պարագային, եթէ այն կտրականապէս դատապարտէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները։ Կազմակերպութեան ոչ բոլոր անդամները պատրաստ էին համաձայնիլ ատոր եւ ոչ թէ այն պատճառով, որ կ'ուզէին ինչ-որ մէկը պաշտպանել, իսկ միւսին՝ չաջակցիլ, այլ այն պատճառով, որ ղարաբաղեան պատերազմի պատմութիւնը կու գայ տասնամեակներու խորքէն»,-ըսած է Լաւրով: