image

Էրտողանի կուսակցութեան մէջ «խառնակ» վիճակ

Էրտողանի կուսակցութեան մէջ «խառնակ» վիճակ

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդի անդամ՝ Շամիլ Թայար նշած է, թէ երկրի նախագահական ընտրութիւնները 50+1 տոկոսով իրականացնելը եղած է սորոսականներուն նախագիծը։

Թրքական OdaTV–ի հաղորդմամբ՝  Շամիլ Թայար շեշտած է, թէ նախագահական ամենալաւ համակարգը Միացեալ Նահանգներունն է, իսկ Թուրքիոյ մէջ զայն որպէս թակարդ ներդրած են իշխող կուսակցութեան ներսը գտնուող սորոսականները։

Շամիլ Թայար նշած է, որ խօսքը Թուրքիոյ նախագահի իրաւական քաղաքականութեան հարցերով խորհուրդի փոխնախագահ Մեհմէտ Ուչումի մասին է։