Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է աշխուժօրէն մասնակցելու նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին, որ տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի՝ մայիս 28-ին։ Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն»-ը։
Էրտողան իր այդ կոչը հրապարակած է Թուիթըրի վրայ։ «Միասին բանանք Թուրքիոյ նոր դարաշրջանի դուռը», գրած է ան եւ յոյս յայտնած, որ քաղաքացիները կը միաւորուին «Թուրքիոյ դարաշրջան»-ի տեսլականին շուրջ։