image

Էրտողան կրկին կ'առաջարկէ Փութինին հանդիպիլ Զելենսքիի հետ․ լրատուամիջոցներ

Էրտողան կրկին կ'առաջարկէ Փութինին հանդիպիլ Զելենսքիի հետ․ լրատուամիջոցներ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Սամարղանտի մէջ կայանալիք հանդիպման ժամանակ կրկին մտադիր է առաջարկել կազմակերպել Ռուսիոյ Դաշնութեան առաջնորդի հանդիպումը Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Այս մասին գրած է Hurriyet պարբերականը։

«Փութինի եւ Էրտողանի հանդիպման կարեւորագոյն թեման պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը։ Էրտողանն իր ռուս պաշտօնակցին պիտի փոխանցէ ուղերձ, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր ջանքերը միջնորդական նախաձեռնութիւններու միջոցով պատերազմը դադրեցնելու եւ կայուն հրադադարի հասնելու համար։ Նախագահ Էրտողան, որ կը կրկնէ Փութինին Թուրքիոյ մէջ առաջնորդներու հանդիպման վերաբերեալ իր առաջարկը, շեշտը պիտի դնէ դիւանագիտական լուծման վրայ։ Կը սպասուի, որ առաջնորդներու հանդիպման օրակարգին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Սուրիոյ դէմ հնարաւոր ռազմական գործողութեան հարցը», - գրած է թերթը։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ կայանալիք հանդիպման կարեւորագոյն կէտերէն մէկը պիտի ըլլայ «հացահատիկային միջանցքի» գործարկումը։

«Փութինի այն յայտարարութենէն ետք, որ «ցաւօք, հացահատիկը կը փոխադրուի հարուստ երկիրներ», Էրտողան պիտի խնդրէ, որ ռուսական ապրանքները միջանցքով ուղարկուին Թուրքիոյ կողմէ համակարգուող նաւերով», - նշած է պարբերականը։