Հայաստան պէտք է «ճիշդ օգտագործէ իրեն տրուած խաղաղութեան հնարաւորութիւնը»։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան։
«Մեր նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու միջոցով մենք դրսեւորած ենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դնելու մեր կամքը։ Հնարաւոր է՝ Փրակի գագաթնաժողովին հանդիպում կայանայ (ՀՀ վարչապետ Նիկոլ) Փաշինեանի հետ»,- ըսած է Էրտողան։
Նշենք, որ Փաշինեանի եւ Էրտողանի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին, որ պիտի կայանայ Փրակ՝ 6 հոկտեմբերին։