image

Էրիթրիոյ Պատրիարքի այցը՝ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Էրիթրիոյ Պատրիարքի այցը՝ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Օրերս Էրիթրիոյ ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ պետ Ապունա Պասիլիոս Զ. Պատրիարքը, այցելութիւն տուած է ԱՄԷ-ի Շարժա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, եւ ընդունուած Թեմի ժրաջան եւ նուիրեալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի կողմէ։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցելութեան ընթացքին, Էրիթիրիոյ ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ պետ Ապունա Պասիլիոս Զ. Պատրիարքը, իր պատուիրակութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի կողմէ, Չորեքշաբթի, 14 Յունուար 2026-ին։ Սրբազան հօր կողքին ներկայ էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արամ Աւ. Քհնյ. Տէյիրմէնճեան:

Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը Պատրիարքին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները։ Ապա, ամփոփ կէտերու մէջ ան պարզեց հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը տարածաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու միջեւ փոխ յարաբերութիւնները եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական կեանքը։

Պատրիարք հայրը, իր կարգին, իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցելէ ետք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար։ Ան յայտնեց, որ շրջանէն ներս գործող Էրիթիրիոյ եկեղեցւոյ զաւակները որոշ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ իր այցելութեան հիմնական նպատակն է օգտակար դառնալ իր համայնքի զաւակներուն՝ վերադասաւորումի ենթարկելով անոնց եկեղեցական ու հոգեւոր կեանքը:

Յայտնենք, թէ մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ, սրբազան հայրը, Էրիթիրիոյ մայրաքաղաք Ասմարայի մէջ, մասնակցած էր Պասիլիոս Զ. Պատրիարքին գահակալութեան արարողութեան՝ ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։