Մայիս 3-ի ժամը 23:45-էն մայիս 4-ի ժամը 07։00-ն ինկած ժամանակահատուածին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգեր ստացուած են, որ տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով Երեւանի շարք մը վարչական շրջաններու մէջ, մասնաւորապէս՝ Կեդրոն, Էրեբունի, Շենգաւիթ, Դաւթաշէն եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու շէնք-շինութիւններու մէջ, գրասենյակային տարածքներու մէջ ջրալցումներու, փլուզումներու, ջուրի մէջ արգելափակուած եւ խափանուած փոխադրային միջոցներու վերաբերեալ։
Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ՓԾ փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական խումբերը, Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն մարտական հաշուարկներ։
Փրկարարներն իրականացուցած են ջրահեռացման եւ մեքենաներու դուրս բերման աշխատանքներ։
Ըստ նախնական տուեալներու՝ ջրալցումներու հետեւանքով զոհեր եւ տուժածներ չկան։