Սաղիմահայ հանրահայտ գործարար՝ Նշան Պալեան ենթարկուած է ինքնաշարժի արկածի։
Արկածը եղած է Երեւանի մէջ, երբ Պալեանի ինքնաշարժը «խցկուած» է բեռնատար կառքի մը արանքը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն։
Մեր հայրենակիցի կողքին եղած է անոր տիկինը՝ Սիպան եւ բարեբախտաբար անոնք չեն վիրաւորուած։
Մեր հայրենակիցներուն կը մաղթենք լիարժէք առողջութիւն շարունակելու համար եւ անհատական եւ ալ հաւաքական իրենց յանձնառութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Պալեան տէր եւ տնօրէնն է յախճապակիներ արտադրող Պալեաններու գործարանին, որ կը գործէ Երուսաղէմի մէջ եւ որ ունի դարաւոր աւանդութիւններ։