Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջածիրէն ներս Երեւանի Ռուսիոյ հրապարակին մէջ (Երեւանի քաղաքապետարանին յարող տարածք) կը նախատեսուի տեղադրել հայ-ռուսական բարեկամութեան յուշարձան:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն (ԿԳՄՍՆ) յայտնած են, որ այդ նպատակով նախարարի 2022 թուականի 4 ապրիլի հրամանով ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, որ հաստատած է մրցոյթի հետեւեալ չափորոշիչները՝
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ մասնագիտական կրթութիւն ունեցող քանդակագործներ Հայաստանէն եւ Ռուսաստանէն:
Մրցոյթին մասնակցելու համար կ'ընդունուին յայտեր, որոնք կը ներառեն մասնագիտական կրթութեան վկայականը հաւաստող փաստաթուղթեր, էսքիզ, նախապէս հեղինակուած թեմատիկ քանդակներու/աշխատանքներու լուսանկարներ (առկայութեան պարագային):
Յայտի ներկայացման վերջնաժամկէտն է 2022 թ. 10 սեպտեմբերը:
Քուէարկութիւնը պիտի կատարուի փակ-գաղտնի եղանակով:
Ստեղծագործութեան նիւթի ընտրութիւնն ազատ է։
Ստեղծագործութեան ոճի ընտրութիւնն ազատ է։
Ստեղծագործութեան չափսը պէտք է համապատասխան ըլլայ տեղադրման տեղանքին:
Քանդակի առաւելագոյն բարձրութիւնը պէտք է չգերազանցէ 6 մեթրը՝ ներառեալ պատուանդանը:
Ստեղծագործութիւնը խորհրդանշական-պայմանական ձեւով պէտք է արտացոլէ հայ-ռուսական պատմական առնչութիւնները, երկու պետութիւններու բարեկամական յարաբերութիւնները:
Յայտերը պէտք է ներկայացնել ԿԳՄՍ նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութիւն (Կապ՝ Ճիւլեթթա Յակոբեան, 010-599-631):