image

Երեւանի մէջ. Պատշգամէն ինկած 2 տարեկան երեխան մահացած է

Երեւանի մէջ. Պատշգամէն ինկած 2 տարեկան երեխան մահացած է

1 յուլիսին, Երեւանի «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է 2-ամեայ Արեգ Ս․։

Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com, նշուած երեխան բժշկական կեդրոն տեղափոխուած էր 26 յունիսին «Արարատ» բժշկական կեդրոնէն։ Իսկ նշուած կեդրոն տեղափոխուած էր տան պատուհանէն անզգուշաբար վար իյնալու հետեւանքով։ 

Նշենք, որ 26 յունիսին, արտակարգ դէպք  տեղի ունեցած էր Արարատի մարզ: Ժամը 17:00-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Արարատի բաժին «Արարատ» բժշկական կեդրոնէն ահազանգ ստացուած էր, որ  ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, իրենց մօտ տեղափոխուած է երեխայ մը: