Երեւանէն տխուր լուր ստացանք։
Յետ կարճատեւ անհանգստութեան Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Մհեր Կէտիկեանը (Ծն. Հալէպ 1978-ին)։
Հալէպի մէջ իր աչքերը բացած Մհեր կանուխ տարիքէն նետուած էր կեանքի ասպարէզ եւ տարբեր վայրերու մէջ աշխատելով դարձած էր վարպետ խոհարար։
Ապա իր եղբօր ՝ Հրանդի հետ հիմնած էին իրենց սեփական սնունդի կէտը եւ սակայն հազարաւոր հալէպահայերու նման պատերազմի թէժ օրերուն ստիպուած եղած էին հեռանալ իրենց սիրելի ծննդավայրէն։
Հալէպի պատերազմը բզիկ-բզիկ ըրած էր ինչպէս տեղի բնակիչներուն, այնպէս ալ մեր հայրենակիցներուն երազները։
Անկէ ետք, գաղթ, դժուարութիւններ, անտէրութեան զգացում եւ Մհերն ու Հրանդը այս անգամ հայրենի եզերքին ՝ Երեւանի մէջ կը հիմնէին փոքր սննունդի կէտ մը, յոյս ունենալով, որ դարձեալ պիտի կարողանան ոտքի կանգնիլ ու արժանապատիւ կեանք մը վարել։
Գուցէ այս բոլորը ուղղակի կապ մը չունին Մհերի անակնկալ անհանգստութեան ու տխուր վախճանին հետ, բայց եւ այնպէս վերջին առնուազն տաս տարիներուն եղած բարդութիւնները, ցաւերն ու հարցադրումները վստահօրէն ինչ որ տեղ եւ ինչ որ չափով խոցած էին բարեսիրտ Մհերի սիրտը, որ գուցէ չդիմանալով այս բոլորին դադար տուաւ այս անարդար կեանքէն, արդարութիւն փնտռելով Տիրոջ անդաստաններուն մէջ։
Այս բոլորէն անդին հարկ է նշել, որ Մհեր մասնաւորապէս Հալէպի իր վաղ պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ եղած էր նուիրեալ մէկ անդամը ՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ «Ջանից» միութեան, ուր քրիստոնէական արժէքներու, ընկերային ընկալումներու եւ բարեսրտութեան լաւագոյն դրսեւորումներով կարողացած էր կազմել ընկերներու եւ սիրելիներու լայն շրջանակ մը։
Աւարտին նշենք, որ Մհեր Կէտիկանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուին վաղը Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստա շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Խորին ցաւակցութիւններ Մհերի ազգականներուն ու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ իր բացակայութեան դառնութիւնը ապրող ընկերներուն։