Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց կը կարծէ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու հնարաւորութիւնները առաւել քան երբեւէ մեծ են։ Այս մասին ան յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին։
Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:
«Ի հարկէ, մենք առաջին հերթին քննարկած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը եւ միակարծիք ենք, որ այդ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով», -ըսած է ան։