Երեւանի ավագանիի` 17 սեպտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն ընտրողներու քանակը 14 յուլիսի դրութեամբ 823 559 է, որ նախորդ ընտրութիւններու համեմատ (2018-ի սեպտեմբեր 23) պակաս է գրեթէ 25 հազարով։ Տեղեկութիւնը այսօրուան ասուլիսին յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը։
«Նախորդ ընտրութիւններում քուէարկելու հնարաւորութիւն ունեցողների թիւը եղել է 848 հազար։ Պատճառը, կարծում եմ, այն է, որ 2021 –ի ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւններով`ընտրական ցուցակից հանուել են այն քաղաքացիների տուեալները, որոնք 6 ամիս եւ աւելի անձը հաստատող ժամկէտանց փաստաթղթեր ունեն»,–ըսած է ան:
Ի դէպ, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար կուսակցութիւնները կրնան այսօրուընէ փաստաթուղթերը ներկայացնել Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով։ Այս պահու դրութեամբ ոչ մէկ կուսակցութիւն առաջադրուած է։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը նշած է, որ սովորաբար քաղաքական առաջադրման փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն ժամկէտի աւարտին մօտ` վերջին օրերուն:
Ան յայտնած է նաեւ, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար հրաւէր ուղարկած են 20 երկիրներու ընտրական մարմիններու եւ 5 միջազգային կազմակերպութիւններու։
Յիշեցնենք` Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 սեպտեմբերին: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածուն նախկին փոխվարչապետ, այժմ Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանն է:
Ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ «Լոյս» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեանը, Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի նախկին ղեկավար Վիքթոր Մնացականեանը, ինչպէս նաեւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեանը։
Քաղաքապետի պաշտօնի համար պիտի պայքարի նաեւ «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը, որու ցուցակը պիտի գլխաւորէ վարչութեան անդամ Հայկ Գրիգորեանը։
Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր, ԱԱԾ նախկին ղեկավար, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանը չէ բացառած, որ կ'առաջադրէ իր թեկնածութիւնը Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն։
Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին կը յաւակնի նաեւ ՀՀ արդարադատութեան նախկին նախարար, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան քաղխորհուրդի անդամ Արտակ Զէյնալեանը։
«Հայաստան» դաշինքը կը քննարկէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու հարցը։
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ «Յանուն սոցիալական արդարութեան» կուսակցութիւնը։
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ «Ուժը Հայրենեաց» կուսակցութիւնը։