Լիբանանահայ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի իր գրասենակին մէջ ընդունած է Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Յ.Բագրատունիի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը:Ծանօթացման արարողակարգային այս հանդիպումին ընթացքին, դեսպան Քոլարտ ծանօթացաւ լիբանանահայ համայնքին եւ անոր կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքականութեան:
Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը քննարկելու երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ անոր վերաբերող աշխատանքները:
Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց այդ ընտրութիւններուն արդար եւ ժողովրդավարական ըլլալու կարեւորութիւնը: