image

Երեսփոխան Բագրատունի այցելած է երկրի խորհրդարանի նախագահին

 Երեսփոխան  Բագրատունի  այցելած է  երկրի խորհրդարանի  նախագահին

 Լիբանանահայ  քաղաքական  գործիչ ՝ Յակոբ  Բագրատունիի  դիմատետրի  էջէն  կը կարդանք՝

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերն ու ընտրական նախապատրաստութիւնները:

Պըրրի եւ Յ. Բագրատունի ընդգծեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը։