Միացեալ Նահանգները հարցեր ունի Ղազախստանի՝ ՀԱՊԿ-էն օգնութեան խնդրանքի բնոյթի կապակցութեամբ, այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընը` յաւելելով, որ ղազախական իշխանութիւնները ունին հնարաւորութիւն ինքնուրոյն կարգաւորելու ցոյցերը:
«Այդ իսկ պատճառով յստակ չէ, թէ ինչու անոնք դուրսէն օգնութեան կարիք զգացին», ընդգծած է Պլինքընը։
Պատասխանելով ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ հարցին` ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը ըսած է նաեւ, որ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ «երբ ռուսերը կը յայտնին ձեր տան մէջ, երբեմն շատ դժուար է անոնց ստիպել հեռանալ»։