image
Հրատապ լուրեր:

Եռաբլուրի մէջ պատահածներուն վերաբերեալ քննութիւն պիտի կատարուի

Եռաբլուրի մէջ պատահածներուն վերաբերեալ քննութիւն պիտի կատարուի

21 Սեպտեմբերին Եռաբլուրի մէջ ոստիկանութեան գործողութիւններու վերաբերեալ՝ ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարաեանի յանձնարարութեամբ ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութենէն ներս ծառայողական քննութիւն կը կատարուի, այս մասին հաղորդած են ՀՀ ոստիկանութենէն։

Նշենք, որ 21 սեպտեմբերին ոստիկանութեան ծառայողները «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ կազմակերպուած միջոցառումներու ժամանակ քաշքշած ու բերման ենթարկած էին զոհուած զինծառայողներու ծնողները, որպէսզի «Եռաբլուր» այցելէր Նիկոլ Փաշինեանը։

Երէկ ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, թէ «զաւակ կորցրած բոլոր ծնողների վիշտը իւրաքանչիւր ոստիկան վերապրում է նոյն ցաւով»։

«Յորդորում ենք միջադէպը չօգտագործել քաղաքական նպատակներով ու նկատառումներով», - նշած էին ոստիկանութենէն։