Կիրակի, 11 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց Ս. պատարագ, ինչպէս նաեւ քարոզեց ու մատաղօրհնէք կատարեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, իր հայրական ողջոյնները եւ շնորհաւորանքները փոխանցելով եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներուն ու համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդին, նոյն ատեն շնորհաւորելով բոլոր Յովհաննէս, Կարապետ եւ Մկրտիչ անունները ունեցողները:
Յընթացս Ս. պատարագի, սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Ղուկասու Աւետարանի 76-78 համարներուն մէջ Յովհաննու Մկրտիչի Հօր՝ Զաքարիա մարգարէի հետեւեալ բառերու յիշատակութեամբ. «Եւ դուն, զաւա՛կս, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝ անոր ճամբան պատրաստելու, որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին, թէ պիտի փրկուին՝ իրենց մեղքերուն ներում գտնելով, որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ իբրեւ արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ», ապա առաջնորդը նշեց, որ Ս. Կոյս Մարիամի համար եւս կատարուեցաւ մարգարէութիւն մը, երբ ան Յիսուս Քրիստոսը ծնելու շնորհ ստացաւ: Այս գծով ան նաեւ յիշեց Ս. Մարիամի մօր՝ Ս. Աննայի հասցէին կատարուած մարգարէութիւնը, երբ վերջինս կը ծնէր իր միակ զաւակը՝ Մարիամը:

Մարգարէական այս պատկերի վերլուծումը կատարելով՝ առաջնորդը ըսաւ, որ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին վերը նշուած մարգարէութիւնը եւս Աստուծոյ փրկչագործական ծրագիրին մաս կը կազմէ, որովհետեւ, իրականութեան մէջ, Յովհաննէս Մկրտիչ մեր իսկական Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի վրայ գործելու ճամբան բացողը հանդիսացաւ եւ այս մասին բերելով աստուածաշնչեան այլ վկայութիւններ: Սրբազանը շեշտեց, որ Յովհաննէս Մկրտիչի միջոցով Աստուծոյ ծրագիրի ուղղակի գործադրութեան սկիզբը դրուեցաւ:
Մանրամասնութիւններ փոխանցելով այս մասին, ան իր քարոզին մէջ ուրուագծեց Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքը եւ կերպարը՝ իբրեւ քաջ, արդար եւ Աստուծոյ նուիրեալ մարդ, որ եղաւ պարզ ու խոնարհ իր կեանքին մէջ եւ իր ուսերուն դրուած աստուածային հսկայական պարտաւորութիւնը հաւատարմօրէն կատարեց, մանաւա՛նդ երբ իր ձեռքով Քրիստոսը մկրտած պահուն՝ զայն մատնացոյց ընելով՝ գոչեց. «Ես չե՛մ, այլ Ա՛ն է ընտրեալը», այսինքն՝ Աստուծոյ Որդին եւ Արարիչ Հօր կողմէ հաւնուածը եւ մարդոց փրկութեան համար աշխարհ առաքուածը:
Իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնելով նաեւ եկեղեցւոյ մէջ խմբուած երիտասարդներուն եւ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն ի տես՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը աւելի եւս խրախուսեց համայնքի ծնողները եւ մեծ ծնողները՝ իրենց զաւակներն ու թոռները յարատեւօրէն եկեղեցի առաջնորդել, ապա եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ան շնորհաւորեց Աստուծոյ տաճարի անդամները եւ շրջանի հայութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:
Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ կատարեց մատաղօրհնէք: Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ խորանին սպասարկեցին շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան, դպիրներ, սարկաւագներ եւ երգչախումբը, որոնց հոգեւոր երգեցողութիւնը նաեւ երկնային օրհնութիւններով լեցուց արարողութեան մասնակցողները:
Յետ Ս. պատարագի, առաջնորդին գլխաւորութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն մասնակցեցան հոգեւոր տաճարի ընտանիքը եւ համայնքի ներկայացուցիչները, մինչ պարբերաբար հնչող խօսքերուն ընդմէջէն շնորհաւորանքներ հնչեցին՝ եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն հայ համայնքի առաւել պայծառացման ու բարգաւաճման մաղթանքներով:
Սիրոյ սեղանի աւարտին, սրբազանը կատարեց թելադրանքներ՝ զիրար սիրելու, միաբանութեամբ ապրելու եւ իրարու հետ առողջ գործակցութեամբ կեանքը շարունակելու վերաբերեալ, ապա ներկաներուն փոխանցեց իր հայրական բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնները ու իր խօսքը աւարտեց «Պահպանիչ»ով: