Պէտք է շտապ Ուքրանիոյ հնարաւորութիւն տալ իր հացահատիկը արտահանել Սեւ ծովով:
ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլի խօսքով` ուքրանական իրադարձութիւնները «սովի համաշխարհային ալիքի սպառնալիք կը ստեղծեն», եւ ԵՄ-ն պատրաստ է աշխատելու ՄԱԿ-ի հետ` պարէնային աղէտը կանխելու համար:
«Մենք պատրաստ ենք աշխատելու ՄԱԿ-ի եւ գործընկերներու հետ` կանխելու մեր պատժամիջոցներու որեւէ անցանկալի ազդեցութիւն պարէնային համաշխարհային անվտանգութեան վրայ: Մենք սերտ կապի մէջ ենք ՄԱԿ-ի հետ` լուծելու այնպիսի հարցեր, որոնք կրնան ազդել ռուսական հացահատիկի կամ պարարտանիւթի գնումներուն վրայ», ըսած է ԵՄ արտաքին գործերու գերագոյն ներկայացուցիչը:
Պորէլ յաւելած է, որ պէտք է շտապ Ուքրանիոյ հնարաւորութիւն տալ իր հացահատիկը արտահանել Սեւ ծովով: