Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով մարտերը եւ բուռն հրետակոծութիւնները պէտք է անյապաղ դադարեցուին։
«Եւրոմիութիւնը սերտ կապի մէջ է կողմերու հետ՝ նպաստելու լարուածութեան նուազման»,- Թուիթըրի էջին գրած է Քլաարը։