Եւրոպական միութեան երկիրները լիակատար հաամձայնութեան հասած են Ուքրանիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հարցով: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական հարցերով պետական քարտուղար Քլեման Պոնը:
Յունիս 17-ին Եւրոյանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուած էր Եւրոպական խորհուրդին՝ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային ԵՄ անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու վերաբերեալ: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ողջունած էր Եւրահանձնաժողովի այդ որոշումը՝ ըսելով, որ դա առաջին քայլն է դէպի ԵՄ անդամակցում: