Ռուսիոյ նախկին նախագահ Պորիս Ելցին Միացեալ Նահանգներու 42-րդ նախագահ Պիլ Քլինթընին (1993-2001) առաջարկած էր Ռուսիան ընդունիլ Հիւսիսաթլանթեան ռազմական դաշինքի՝ ՆԱԹՕ-ի կազմ: Տեղեկութիւնը հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ բանակցութիւններու գաղտնազերծուած արխիւէն:
Ելցինը յայտարարած էր, որ դաշինքի ընդլայնման պարագային առաջինը պէտք է միանայ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը։ Այնուհետեւ այս օրինակին «կը հետեւին Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի այլ երկիրներ»:
Այդ տեղի ունեցած է 1994 թուականին Նովօ-Օկարեւոյի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:
Պոլրիս Ելցինը կոչ ըրած է ստեղծելու «իւրօրինակ մենաշնորհային միաւորում՝ ներառելով Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ եւրոպական երկիրները»:
Սակայն այս առաջարկին Պիլ Քլինթընի արձագանգը շատ զուսպ եղած էր, եւ ան իր խօսքին մէջ չէ յիշատակած երկիրներու միութիւն ստեղծելու կամ ՆԱԹՕ-ին Ռուսիոյ անդամակցութեան գաղափարը։