image

«Եղածը անընդունելի է».Ռուսիա դատապարտեց Հանիյէի սպանութիւնը

«Եղածը անընդունելի է».Ռուսիա  դատապարտեց Հանիյէի սպանութիւնը

Պաղեստինեան արմատական «Համաս»-ի ընդհանուր քաղաքական առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութիւնը «բոլորովին անընդունելի քաղաքական սպանութիւն է»։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը։

«Սա բոլորովին անընդունելի քաղաքական սպանութիւն է, եւ պիտի յանգեցնէ լարուածութեան հետագայ սրման», -ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովը:

Յիշեցնենք, որ Թեհրանի մէջ սպանուած է «Համաս» շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէն։ Ինչպէս հաղորդած է Mehr գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութեան, Հանիյէն սպանուած է Իրանի մայրաքաղաքի իր նստավայրի վրայ յարձակման ժամանակ։

«Պաղեստինեան «Համաս» շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէն նահատակուած է Թեհրանի մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գործակալութեան տուեալներով՝ յարձակման հետեւանքով զոհուած է նաեւ Հանիյէի թիկնապահներէն մէկը։ Դէպքի հանգամանքները կը պարզուին։

«Համաս» շարժումը պաշտօնական յայտարարութեամբ հաստատած է Քաղբիւրոյի ղեկավարի մահուան լուրը՝ կատարուածի համար մեղադրելով Իսրայէլը։ Շարժումը յայտարարած է, որ յարձակումը տեղի ունեցած է այն բանէ ետք, երբ Հանիյէն մասնակցած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի երդմնակալութեան արարողութեան: