image

Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը այցելեց Առաջնորդ սրբազանին

Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը այցելեց Առաջնորդ սրբազանին

Օրերս, Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անդամները այցելած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին  կը գրէ՝

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անդամները։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, արծարծուեցան Եագուպիէի ներկայ իրավիճակն ու առկայ դժուարութիւնները։ Վարչութեան ատենապետ տիար Ռաֆֆի Քասիս անդրադարձաւ միութեան գործունէութեան։ Ան խնդրեց Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու հանդիսապետութիւնը Ս. Աննայի տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ մատաղօրհնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 25 Օգոստոս 2024-ին։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց միութեան անդամներուն ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ գործունէութիւններուն։