Vatan կուսակցութեան կողմէ ամբողջ երկրին մէջ ձեռնարկուած «Դուրս գանք ՆԱԹՕ-էն» արշաւը հետաքրքրութեամբ ընդունուած է հասարակութեան բոլոր շերտերուն կողմէ:
Թուրքիոյ շարք մը մեծ քաղաքներուն մէջ «Հայրենիք» (Vatan) կուսակցութիւնը լայնամասշտաբ արշաւ սկսած է երկիրը ՆԱԹՕ-էն դուրս բերելու համար:
Կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Տոկու Փէրինչէքը կը կարծէ, որ Թուրքիոյ դուրս գալը Հիւսիսատլանտեան դաշինքէն դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրի տնտեսական ապագային վրայ:
«Vatan կուսակցութեան կողմէ ամբողջ երկրին մէջ ձեռնարկուած «Դուրս գանք ՆԱԹՕ-էն» արշաւը հետաքրքրութեամբ ընդունուած է հասարակութեան բոլոր շերտերուն կողմէ», ըսուած է պարբերականին հրապարակած յօդուածին մէջ:
Կը նշուի, որ շարժման իրենց աջակցութիւնը յայտնած են հասարակ քաղաքացիները, որոնք մօտեցած են քաղաքային ու մարզային հրապարակներուն մէջ ստորագրահաւաքի համար տեղադրուած սեղաններուն:
«Հայրենիք» կուսակցութիւնը ներկայացուած չէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Այս կուսակցութեան ներկայացուցիչները աշխուժօրէն կոչ կ'ընեն սերտ համագործակցութիւն հաստատելու Թուրքիոյ եւ եւրասիական տարածաշրջանին միջեւ: