image

Դաւիթ Տօնոյեան կալանաւորուած պիտի մնայ

Դաւիթ Տօնոյեան կալանաւորուած պիտի մնայ

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ` դատաւոր Մանուէլ Շահվերտեանի նախագահութեամբ, հրապարակուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանի, Դաւիթ Գալստեանի եւ միւսներու խափանման միջոցին մասին որոշումը:

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, զէնքի մատակարարմամբ զբաղուող Դաւիթ Գալստեանը` «Պատրոն Դաւոն», ՀՀ ԶՈՒ ռազմական օդացնացութեան նախկին պետ Աւետիք Մուրատեանը, ԶՈՒ ԳՇ պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանը պիտի շարունակեն մնալ կալանաւորուած, իսկ գործով անցնող Արտիոմ Համբարեանը գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի: Այս մասին յայտնած է փաստաբան Սերկէյ Յովհաննիսեանը:

Յիշեցնենք` պաշտպանները միջնորդած էին Դաւիթ Տօնոյեանը անձնական երաշխաւորութեամբ ազատ արձակել:

Կալանաւորուած նախկին բարձրաստիճան միւս¬ պաշտօնեաներուն համար ալ միջնորդած էին պաշտպանները` առաջարկելով կիրառել այլ խափանման միջոցներ, այդ թւում` գրաւ: