image

Դառն ճակատագիր. Մայտա Յակոբեանի մահը

Դառն ճակատագիր. Մայտա  Յակոբեանի մահը

Օրերս տխուր կորուստի մը մասին վերահասու դարձանք։ Երեւանի մէջ  մահացած է հալէպահայ Մայտա Յակոբեանը(ծնեալ՝ Ճուխճուխեան)։

Հայուհին, որ ընտանիքին հետ միասին ստիպուած եղած էր թէժ պատերազմին պատճառով հաստատուիլ Պէյրութ,  շաբաթներ առաջ ժամանած էր Երեւան մօտէն ծանօթանալու համար Հայաստանի մէջ տիրող դրութեան ու նաեւ մտադրութիւնը ունենալով վերջնականապէս հաստատուիլ հայրենիքի մէջ։

Մեր տուեալներով Մայտա Յակոբեան (  Ծն. 1965-ին Հալէպ) վարակուած է «Քորոնա»ով եւ անդուլ պայքար տանելէ ետք այդ հրէշաւոր վարակին դէմ աչքերը փակած է յաւիտենութեան։

Պիտի ըսէք հայու ճակատագիր, մենք պիտի աւելցնենք  մեր օրերուն ապրուած հերթական ծանր ճակատագիր, որուն սկիզբը դրուեցաւ Սուրիոյ մէջ ծաւալած արիւնալի պատերազմով ու այսօր ալ կը շարունակուի Պէյրութի մէջ տիրող դժուար կացութեամբ։

Մայտա Յակոբեան մէկն էր անոնցմէ, որ հաւատացին Հայաստանին եւ հակառակ յետ պատերազմական իրադրութեան հայրենիքի մէջ իրենց կեանքը շարունակելու երազով փակեցին իրենց աչքերը։

Յաւերժ յիշատակ հայուհիին ու մխիթարութիւն անոր մօտիկ ու հեռու բոլոր մերձաւորներուն։