image

Դամասկոսի օդակայանը դարձեալ թիրախ. Կան տուժածներ

 Դամասկոսի օդակայանը դարձեալ թիրախ. Կան տուժածներ

 Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներուն Իսրայէլ պատրուակելով Սուրիոյ ճանապարհով լիբանանեան «Հըզպալլա»ին զէնքեր փոխադրելու խնդիրը սանձարձակ կերպով կը հարուածէ Սուրիոյ տարբեր շրջանները եւ յատկապէս ռազմական կարգ մը կեդրոնները։

Իսրայէլեան օդուժը հերթական անգամ հարուածած է Դամասկոսի միջազգային օդակայանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։

 Աղբիւրը մասնաւորապէս նշեց, որ իսրայէլեան ուժեր երկուշաբթի օրուան վաղ ժամերուն հարուածած են Դամասկոսի օդակայանը մերձակայ տարածքները, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են  4  անձեր (երկուքը բանակի զինուորներ)։

 Օդակայանի աշխատանքները որոշ ժամանակով խափանուած են, սակայն աւելի ուշ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ  թռիչքները վերադարձած են բնականոն հունի։