image

Չինաստան-Ռուսաստան. Բարեկամութիւնը անսահման է

Չինաստան-Ռուսաստան.  Բարեկամութիւնը  անսահման է

Ռուսաստանի եւ Չինաստանի միջեւ բարեկամութիւնը սահմաններ չունի, անոնց համագործակցութեան մէջ «արգիլուած գօտիներ» չկան: Այս մասին կ'ըսուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի համատեղ յայտարարութեան մէջ:

«Երկու պետութիւններու բարեկամութիւնը սահմաններ չունի, չկան համագործակցութեան արգիլուած գօտիներ, երկկողմ ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդումը ուղղուած չէ երրորդ երկիրներու դէմ, չ'ազդեր միջազգային միջավայրի փոփոխութեան եւ երրորդ երկիրներու մէջ իրավիճակային փոփոխութիւններու վրայ», ըսուած է ուղերձին մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Ռուսաստանը եւ Չինաստանը հանդէս կու գան համաշխարհային տէրութիւններու միջեւ նոր տեսակի յարաբերութիւններու ձեւաւորման օգտին, որոնք հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի, խաղաղ գոյակցութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան վրայ:

«Անոնք կը հաստատեն, որ ռուս-չինական միջպետական յարաբերութիւններու նոր տեսակը կը գերազանցէ «Պաղ պատերազմ»ի ռազմաքաղաքական դաշինքները», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ: