Թայուանի զինուած ուժերը կղզիի մօտ Չինաստանի 35 ինքնաթիռ եւ 8 ռազմանաւ նկատած են: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այս մասին նշուած է Թայուանի պաշտպանական գերատեսչութեան ամենօրեայ ամփոփագրին մէջ:
«Օգոստոսի 26-ի ժամը 17: 00-ի դրութեամբ Թայուանի զինուած ուժերը գրանցած են Չինաստանի Ժողովրդական ազատագրական բանակի 35 ինքնաթիռ եւ 8 ռազմանաւ՝ Թայուանի մերձակայ ծովային եւ օդային տարածքին», -ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ 18 ինքնաթիռ հատած են Թայուանի նեղուցի այսպէս կոչուած «միջին գիծը», որոնց շարքին է՝ 8 Սու-30 կործանիչ, 3՝ «J-11», 4՝ J-16 և 3՝ J-10:
Գերատեսչութիւնը յայտնած է, որ Թայուանը օդային ուժեր ուղարկած է իրավիճակին հետեւելու համար, ռատիոնախազգուշացումներ տուած է, ինչպէս նաեւ զէնիթահրթիռային համալիրներ տեղակայած է: