Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը կը կարծէ, որ Տանըլտ Թրամփի հնարաւոր վերադարձը Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դժուար թէ որեւէ կերպ ազդէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ։
«Չեմ հաւատար, որ որեւէ տարբերութիւն կ՚ըլլայ. ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ատոնց հիմքերը քանդելու ուղղութիւնը, ներառեալ ռազմավարական անվտանգութեան, հաւասարութեան, փոխվստահութեան, ստուգումներու, թափանցիկութեան, վստահութեան ամրապնդման մասին բոլոր համաձայնագրերու ոչնչացումը սկսած է նախագահ Ճորճ Պուշը»,-ըսած է Լաւրով CBS-ին տուած հարցազրոյցին՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը կրնայ տարբեր ըլլալ, եթէ Թրամփ կրկին ստանձնէ նախագահի պաշտօնը։