Պաշտօնական Անգարան դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու երկարացումը, որոնք Թուրքիոյ դէմ սահմանուած էին 2019 թուականին՝ Սուրիոյ մէջ գործողութիւններու հետեւանքով: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Քոնկրէսը թիւրիմացութեան մէջ կը ձգէ:
2019-ին պատժամիջոցներուն պատճառ դարձած էր թրքական զօրքերու ներխուժումը Սուրիա եւ քիւրտ բնակչութեան դէմ գործողութիւնները: Այն ժամանակ պատժամիջոցներու ենթարկուած էին Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ուժաբանութեան նախարարութիւնները, պաշտպանութեան նախարար, Զինուած Ուժերու Գլխաւոր շտապի նախկին պետ Հուլուսի Աքարը, Ուժաբանութեան նախարար Ֆաթիհ Տոնմէզը, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան փոխնախագահ Սուլէյման Սոյլուն:
«Թուրքիան մեղադրելու փոխարէն, թող ԱՄՆ-ն հրաժարի սեփական սխալական քաղաքականութենէն: Թող ամերիկեան ղեկավարութիւնը ազնիւ ըլլայ իր ժողովուրդին եւ Քոնկրէսին հանդէպ», ըսած է Չաւուշօղլուն: