image

«Ցաւ ապրեցայ». Սէյրան Օհանեանը Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին մասին

«Ցաւ ապրեցայ». Սէյրան Օհանեանը Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին մասին

Ես վերջին ժամանակահատուածին նախագահի կառոյցի գործունէութիւնը որեւիցէ կերպ չեմ կրնար համադրել մեր պետականութեան ամրապնդման եւ անոր շուրջ ընթացող որեւէ գործընթացի հետ, եւ չեմ կրնար ըսել, որ նախագահի կառոյցը որեւէ գործունէութիւն ծաւալած է: Այս մասին նշեց ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը` անդրադառնալով ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին:

«Ես ցաւում եմ, որ Արմէն Սարգսեանը  իր հրաժարականը տուել է դրսից: Չգիտեմ` ինչն է պատճառ եղել: Ինքը կարծես, որեւէ առողջական խնդիր չունի, կամ եթէ ունի, ինքը պէտք է բացատրի դրա մասին:

Այսօրուայ մեր Սահմանադրութիւնը թոյլ է տալիս, որ երկրի գլուխն իր պարտականութիւնները կատարի: Եթէ ինքը ապացուցելու խնդիր ունի վերաբերուող հայ ժողովրդի ապագային, ինքը ընդհակառակը, պէտք է լինի այստեղ, շարունակի իր գործունէութիւնը եւ ապացուցի եւ ընթացք տայ, թէ ինչ նպատակներ ունի:

Ես կարծում եմ, որ այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի են ունեցել ՀՀ-ում վերջին տարիների ընթացքում, եւ նաեւ ՀՀ նախագահի անգործունէութեան եւ լուռ համաձայնութեան արդիւնք են», յայտնեց Սեյրան Օհանեանը:

Ան համոզմունք յայտեց, որ Արմէն Սարգսեանը իր կարողութիւններով ու գիտելիքներով հնարաւորութիւն ունէր ուսումնասիրելու մեր Սահմանադրութիւնը եւ իր պատականութիւնները կատարելու. «Սա նշանակում է, որ կամ նա ունեցել է պայմանաւորուածութիւններ ներկայիս իշխանութիւնների հետ, կամ կարող է պատահի առերեւոյթ ճնշումներ են եղել, կամ էլ իր պատականութիւնները պարզապէս չի կատարել, թերացել է», ընդգծեց ան:

Սյարն Օհանեանը կարծիք յայտնեց, որ ՀՀ նախագահի հրաժարականին ե՛ւ ներքաղաքական, ե՛ւ աշխարհաքաղաքական պայմաններ կրնան ըլլալ. «Կարող են լինել նոր փաստաթղթեր, որոնցից ինքը խուսափում է»: