Ատրպէյճանցիներու վերահսկողութեան յանձնուող բնակավայրերէն` Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Սուսէն տարհանուած են արուեստի յուշարձանները, մնացած է միայն Բերձորի կեդրոնական խաչմերուկի յուշաքարը: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:
«Տարհանումը վերջնական կը տարհանենք երկուշաբթի օրը եւ արդէն Արցախի թեմի եւ միւս շահագիգիռ կողմերի հետ կը քննարկենք եւ արդէն որոշում կը կայացնենք, թէ որտեղ կը տեղակայուեն այս յուշարձաններն ու խաչքարերը»,-ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Արցախի տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն տեղեկացուցած է, որ մինչեւ 25 օգոստոսը պէտք է լքեն իրենց տուները։