image
Հրատապ լուրեր:

Բարերար՝ Մայք Սարեան 50.000 ամն տոլար յատկացուց աղէտեալ Հալէպին

Բարերար՝ Մայք Սարեան 50.000 ամն տոլար յատկացուց աղէտեալ Հալէպին

Արմատներով Լիբանանէն, ամերիկահայ ազգային բարերար՝ Մայք Սարեան հերթական անգամ իշխանական նուիրատութիւն մը կատարած է։

 Պայմանները ծայրայեղօրէն մտահոգիչ են ու մեր հայրենակիցը  մտածելով աղէտահար Հալէպի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն մասին 50.000 ամն տոլարի գումար մը յատկացուցած է անոնց եւ գումարը փոխանցած Թեմակալ Առաջնորդին։

Այս մասին կը կարդանք Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի կոչին, Արեւմտեան Ամերիկայի ժողովրդանուէր բարերարներէն` ազնիւ հայորդի Տոքթ. Մայք Սարեան եւ իր Տիկինը` Էվելինա, առ ի զօրակցութիւն երկրաշարժէն ցնցուած հալէպահայութեան անմիջական կարիքներու բաւարարման, յիսուն հազար տոլարի վճարագիր մը (check) յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, իրենց տան մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին։

Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը բարձր կը գնահատէ բարերար Սարեան զոյգը, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի հայ ազգի զանազան ծրագիրներու իրագործման եւ մանաւանդ Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական առաքելութեան։