Մեզի համար մեծապէս ուրախութիւն պատճառեց «Ակօս»ի հայկական էջերու խմբագիր Բագրատ Էսթուգեանի մրցանակ ստանալուն լուրը։
Հայ մամուլի վստակաւոր եւ համեստ զինուոր հանդիսացող՝ Բագրատ Էսթուգեան, ինչպէս երէկ այսօր եւ վաղն ալ պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ։
Եւ անշուշտ իր նման երախտաշատ անձնաւորութիւնը ամբողջ հայութեան կտրուածքով հայկական Պոլիսը կը շարունակէ մնալ հասանելի, ընկալելի եւ ջերմութեամբ մեզ իր ափերը կանչող քաղաք։
Այս առթիւ կը կիսենք մեր ուրախութիւնը եւ մեր ընթեցողներուն կը ներկայացնենք Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին կողմէ ներկայացուած լրատւութիւնը։
«Ժամանակ» կը գրէ ՝
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է մրցանակի մը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Մարդու իրաւանց միութեան «Արտայայտութեան ու մտքի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի։ Մարդու իրաւանց միութիւնը այս տարի որոշած է պարգեւատրել երեք անձնաւորութիւն եւ այդ դափնեկիրներէն մին է Բագրատ Էսդուգեանը։
Հարկ է նշել, որ Բագրատ Էսդուգեան նախապէս ալ որոշ մրցանակներու կամ պարգեւներու արժանացած է՝ նոյն հասարակաց յայտարարին վրայ։
Պարգեւատրման արարողութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ երեքշաբթի երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է Մարդու իրաւանց միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Պէյօղլու։