image

Ազգային արդիւնաբերութեան դրօշակակիրը 70 տարեկան է. Ռոման Խուտոլիյի ուղերձը

Ազգային արդիւնաբերութեան դրօշակակիրը 70 տարեկան է. Ռոման Խուտոլիյի ուղերձը

«70 տարի առաջ՝ հեռաւոր 1952 թուականին Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման համար յուսալի հիմք դրուեցաւ։ Ձեր հայրենակիցները կառուցեցին արդիւնաբերական  հսկան՝ «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ»ը (ընկերութիւնը), որ երկար տարիներ դարձաւ երկրի արդիւնաբերութեան ու տնտեսութեան հիմքը եւ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի զարգացման ու բազմաթիւ սերունդներու կեանքին վրայ։

 

«ԿէօՓրօՄայնինկ» ընկերութեան նախագահ Ռոման Խուտոլիյ շնորհաւորական ուղերձ յղած է «Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային կոմբինատ»ի  (ԶՊՄԿ)  հիմնադրման 70-ամեակի կապակցութեամբ  եւ  հանքարդիւնաբերութեան աշխատակիցներու  մասնագիտական տօնին առթիւ։ Ան մասնաւորապէս ըսած է.

«70 տարի առաջ՝ հեռաւոր 1952 թուականին Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման համար յուսալի հիմք դրուեցաւ։ Ձեր հայրենակիցները կառուցեցին արդիւնաբերական  հսկան՝ «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ»ը (ընկերութիւնը), որ երկար տարիներ դարձաւ երկրի արդիւնաբերութեան ու տնտեսութեան հիմքը եւ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի զարգացման ու բազմաթիւ սերունդներու կեանքին վրայ։

 

Ընկերութեան հետ մէկտեղ զարգացաւ մարզը` փոխուեցան ենթակառուցուածքները, կառուցուեցան դպրոցներ, մանկապարտէզներ,  բժշկական հաստատութիւններ։

 

70 տարի անց անհնար է պատկերացնել տարածաշրջանն ու երկրի զարգացումն առանց ընկերութեան հսկայական համակարգաշինական ներդրման։

 

Այսօր ազգային արդիւնաբերութեան դրօշակակիրը կը շարունակէ աշխատիլ եւ զարգանալ, եւ յաջողութեամբ ընդունելով բոլոր մարտահրաւէրները` վստահօրէն կը զբաղեցնէ երկրի հարկատուներու առաջին հորիզոնականները, աշխատանք կ'ապահովէ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու համար, կը կատարէ կարեւոր ընկերային դեր պետութեան եւ հասարակութեան համար։

Առաջիկայ տարիներուն ընկերութեան զարգացման եւ արդիականացման ռազմավարութեան ծիրէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել ծրագիր, որ  ուղղուած է արտադրութեան մեծնալուն եւ արտադրողականութեան աճի ապահովման։

 

Այսօր ժամանակը ինքը ընկերութեան աշխատողներուն եւ Հայաստանի ժողովուրդին առջեւ կը դնէ կարեւոր ռազմավարական խնդիրներ՝ ուղղուած ազգային տնտեսութեան մրցունակութեան բարձրացման։

 

Մենք պէտք է լուծենք այնպիսի  արդիական խնդիրներ, ինչպիսիք են արտադրութեան հանքա-հումքային յենակէտի ընդլայնումը, բարձր արհեստագիտական եւ պահանջուած արտադրանքի ստացումը՝ բարձր յաւելեալ արժէքով,  արտադրութեան արտադրողականութեան եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացումը»: