image

Ազատ արձակել բոլոր հայ գերիները. Պլինքընէն կոչ Ալիեւին

Ազատ արձակել բոլոր հայ գերիները. Պլինքընէն կոչ Ալիեւին

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Twitter-ի իր էջէն տեղեկացուցած է, որ զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ան նշած է, որ Ալիեւի հետ զրուցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններու մասին, ողջունած է երկկողմ բանակցութիւններու հետեւանքով արձանագրուած դրական շարժը, կոչ ըրած է շարունակելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը:

Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Պլինքընը Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հետ քննարկած է «տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Երեւանի ու Պաքուի պատմական հնարաւորութիւնը» եւ առաջարկած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը տարածաշրջանի փոխադրային եւ հաղորդակցական կապերու վերականգնման աշխատանքներուն:

Ամերիկեան կողմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Պլինքընն Ալիեւը յորդորած է ազատ արձակելու «բոլոր մնացեալ հայ ձերբակալուածները»: