Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը «Դիմադրութիւն» շարժման աջակիցներուն կոչ ըրաւ Յունիս 10-ին կրկին հաւաքուելու Ֆրանսիայի հրապարակին մէջ:
Յիշեցնելով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասին` Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրենք ներկայ պիտի գտնուին իրենց պահանջները հնչեցնելու:
Սաղաթէլեանը նաեւ ըսաւ, որ աշխատանքային քննարկումներու մէջ են, որպէսզի շարժմանը նոր թափ հաղորդեն եւ պայքարը վերջնական եւ յաղթական աւարտին հասցնեն, յառաջիկային հանդէս պիտի գան ընելիքներու մասին մանրամասն ծրագրային դրոյթներով: