image

Այսօր 44-օրեայ պատերազմի 4-րդ տարելիցն է

Այսօր 44-օրեայ պատերազմի 4-րդ տարելիցն է

Այսօր 44-օրեայ պատերազմի մեկնարկի տարելիցն է: 4 տարի առաջ այս օրը՝ առաւօտեան 7:10-ին, Ատրպէյճանը՝ Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ, համալրուած նաեւ վարձկան ահաբեկիչներով, ծանր զինատեսակներու, անօդաչու թռչող սարքերու կիրառմամբ յարձակեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուեցան ռազմական դրութիւն եւ զօրահաւաք:

Արցախի դէմ պատերազմը կ՚ուղեկցուէր միջազգային նորմերու աղաղակող խախտումներով, քաղաքացիական բնակչութեան եւ կենսական ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորմամբ, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու նկատմամբ խոշտանգումներով։

Նոյեմբեր 9-ի ուշ երեկոյեան յայտնի դարձաւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու յայտարարութեան մասին, որուն յաջորդեց հրադադարը:

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով զոհուեցան 3830 զինծառայող եւ քաղաքացիական անձ, 175 զինծառայողի եւ 20 քաղաքացիական անձի գտնուելու վայրը մինչեւ օրս անյայտ է: