image

Այնճարի մէջ. Պարգեւատրուած է «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան նուիրեալ վարչականներէն՝ Ռիթա Քիւսպէքեանը

 Այնճարի մէջ. Պարգեւատրուած է «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան նուիրեալ վարչականներէն՝ Ռիթա Քիւսպէքեանը

Այնճարի մէջ Սուրբ Զատկուան տօնը այս տարի նշուած է իւրայատուկ մթնոլորտի մը մէջ։ Հայկական գիւղի պատասխանատու մարմինները  պարգեւատրումի երեկոյ մը սարքած են ի պատիւ շրջանի նուիրեալ անդամուհիներէն՝ Ռիթա Քիւսպէքեանին։

 

 Այս մասին կը կարդանք «Մուսալեռ»  առցանց հարթակէն, որ առիթին մասին մասնաւորապէս գրած է՝

Սուրբ Զատկուայ Շնորհաւորական Հանդիպում,եւ Անակնկալ Պարգեւատրում Ընկհ.Ռիթա Քիւսպէքեանին։

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ.«Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին,կիրակի 9 Ապրիլ 2023 -ին, երեկոյեան ժամը 6։00 ին,Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով,տեղի ունեցաւ շնորհաւորական հանդիպում մը «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Մ.Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս։ Ներկայ էին գիւղի երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի Քաղաքապետը,գիւղի պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները,եւ հարազատ հայրենակիցները։

Յաջորդաբար խօսքեր արտասանեցին գիւղի հոգեւոր հայրերը,հայր Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան,Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի Քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան,որոնք շնորհաւորեցին ներկաներուն Սուրբ Զատիկը մաղթելով մնանք միշտ անսասան եւ տէր կանգնինք մեր գիւղին եւ ժողովուրդին:

 Հ.Յ.Դ.«Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկ. Կարօ Փիլավճեան: Ան կոմիտէի անունով շնորհաւորեց բոլորին Սուրբ Յարութեան տօնը, ապա ըսաւ:« Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը միասնական ոգիով խթանէ մեր ազգը, ուստի կարիքը ունինք վերականգման ի սփիւռս եւ հայրենիք:Այս վերածնունդի խորհուրդը թող ծառայէ մեր Այնճարի ժողովուրդը որպէս ներուժ, միասնաբար յաղթահարելու համար բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները, եւ կարողանանք զիրար աւելի լաւ լսել, հասկնալ, յարգել, արժեւորել, քաջալերել եւ բարին ցանկալ: Ան իր խօսքը աւարտեց մաղթելով բոլորին քաջառողջութիւն, յաջողութիւն,անփորձանք եւ երջանիկ օրեր ու ամենայն բարին: 

Ապա ընկ.Կարոն ընթերցեց կուսակցական կենսագրականի սեղմագիր մը նուիրուած ընկհ. Ռիթա Քիւսպէքեանին:

«Ընկհ. Ռիթա երկար տարիներ հաւատարմօրէն եւ անշահախնդրօրէն ծառայած է իր գիւղին ու ազգին: Ան 29 տարիներ բծախնդրօրէն ,լռելեայն, եւ բարձր գիտակցութեամբ պաշտօնավարեց իբրեւ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարտուղարուհի,ակումբը համարելով իր իսկ տունը: Շատ սիրով ընդունած է ու կատարած է կոմիտէութեան կողմէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները:Կուսակցականի գիտակցութեամբ պատրաստած է աւելի քան 2000 ատենագրութիւն եւ նամակներ, բծախնդրօրէն պահած է 29 տարուայ կուսակցական, Այնճարի եւ նամակներու արխիւները, մասնակցած է 33 ներկայացուցչական ժողովի , գործակցած է 3 քաղաքապետական եւ 5 երեսփոխանական ընտրութիւններու: Մուսալեռցիի խրոխտ ոգիով մասնակցած է Մուսա Լեռ Այնճարի Ամեակներուն 1998-էն սկսեալ:

Այժմ պահը հասած է որ ընկհ. Ռիթան ճամբորդութեան պատճառով մեզմէ հեռանայ թողնելով ամենայ բարի եւ գեղեցիկ յիշատակները մեր մտքին մէջ:»

Ապա ընկ. Հերթապահը յուշանուէրով մը պատուեց ընկհ. Ռիթան իր բազմամեայ ծառայութեան համար: