image

Այնճարի հարազատ զաւակներէն՝ Պօղոս Հապէշեան կը սպասէ մեր նեցուկին (Լուսանկար)

 Այնճարի հարազատ զաւակներէն՝ Պօղոս Հապէշեան կը սպասէ մեր նեցուկին (Լուսանկար)

 

 Լիբանանի Այնճար հայկական աւանի հարազատ զաւակներէն՝ Պօղոս Հապէշեան օրերս ենթարկուած է ինքնաշարժի արկածի։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ մեր հայրենակիցը պէտք է ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան մը, որուն համար կարիքը կայ մեծագումար յատկացումի եւ անոր հարազատներուն նախաձեռնութեամբ ալ ընթացք առած է դրամահաւաքի արշաւ մը։

 Ի դէպ այս մասին աւելի մանրամասն գրած է «Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջը, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Սիրելի հայրենակիցներ,

Մեր գիւղի զաւակներէն,Պօղոս Ա.Հապէշեանը,առկածի որպէս հետեւանք,շատ ծանր վիճակի մէջ, հիւանդանոց կը գտնուի աւելի քան 15 օրերէ իվեր։Բժշկական անմիջական խնամքէն ետք,անհրաժեշտութիւնը կայ քանի մը գործողութիւններու՝ որոնք բաւական մեծ գումարներու կը կարօտին։

Ուստի,կոչ կ՝ընենք բոլոր հայորդիներուն որ իրենց օժանդակութեան ձեռքը երկարեն մեր հայրենակիցին՝ նիւթական իրենց օժանդակութիւնը փոխանցելով Մուսա լետ_,Այնճարի օժանդակութեան յանձնախումբին հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն՝

Սերճ Քալոշեան 71 959 501

Արա Աբէլեան 03 708 606

Րաֆֆի Շաննաքեան 70 914 055

 

18/9/2023 Մուսա լեռ_Այնճարի Օժանդակութեան Յանձնախումբ