image

Այն մասին թէ ինչպէս կիրակնօրեայ «մանղալավարութիւն»ս տապալեցին...

  Այն մասին թէ ինչպէս կիրակնօրեայ «մանղալավարութիւն»ս տապալեցին...

Այս կիրակի մեծամասնութիւնը որոշած է մանղալ չվարել։ Դժուար կացութեան մէջ եմ։ Որոշումը առնուած է երկու երրորդ մեծամասնութեամբ եւ դժուար է բեկանել։ 

Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր։ երկուքուկէս ձայն պէտք էր մանղալ վարելու համար բայց ես հաւաքեցի մէկ ձայն կինս երեք ձայն ու մեծամասնութեան որոշումով այս կիրակի թեթեւ բան մը պիտի ուտենք... Թերևս «փաթաթես» կը խաշենք, վրան թեթեւ աղ մը կը ցանենք ու քիչ մըն ալ ձէթ կը քսենք,  հետն ալ սալաթ մը... Հիւանդանոցի ճաշ... 

Եղածը յեղափոխութիւն էր ու առանց քայլ առնելու... Նստած տեղերնին որոշեցին, քուէարկեցին ու այսքան տարուան իմ կիրակնօրեայ մանղալատիրութիւնը մէկ ակնթարթով տապալեցին... 

Զայրացած տունէն դուրս ելայ ու եալլա սինեմա..

Գացի տեսայ երեք ֆիլմ կայ ։ Ւմ ճաշակիս ֆիլմ մը զատեցի ու մօտեցայ որ տոմս մը առնեմ բայց ` 

_ մէկ հոգիի համար սրահը չենք բանար, ըսին։ Նուազագոյնը չորս հոգի պէտք է։  

_ Երեւի սխալ հասկցաք, ըսի, ուզածս վերելակի տոմս չէ , ֆիլմի համար է ։ 

_ ընդհակառակը, շատ ճիշդ հասկցանք... վերելակի պարագային առաւելագոյնը չորս է , իսկ այս սինեմայի պարագային չորսը նուազագոյնն է ... Նկատի առէք որ այս երկրին մէջ վերելք չկայ, միայն վայրէջք կայ։ 

  Բաւական սպասեցի բայց իմ զատած ֆիլմս դիտել ցանկացող մը չգտայ... Տոմսավաճառը թելադրեց որ մեծամասնութեան ճաշակին հետեւիմ ու միւս երկու ֆիլմերէն մէկը զատեմ բայց չընդունեցի... 

Ո՞վ ըսաւ թէ մեծամասնութեան ճաշակը անպայման լաւ է ....  Բայց ինչ ընէի... Զիս բնաւ չհետաքրքրող ֆիլմ մը դիտէի, պարտուած տուն վերադառնայի ու վրան ալ խաշած փաթաե՞ս ուտէի... Թէ փորձ մը ընէի, երեք հոգի համոզէի ու նպատակիս հասնէի։ 

Փորձեցի ու պատկերացուցէք երեքի տեղ հինգ հոգի համոզեցի եւ ուզած ֆիլմս դիտեցի... Թէեւ մէկը քնացաւ ուրիշ մըն ալ ձգեց սրահը դուրս ելաւ բայց միւս երեքը գոհ մնացին եւ իրենց իսկ վկայութեամբ` թարմ ճաշակով տուն գացին ։

Իսկ ես յաղթական տուն վերադարձայ ու փոխանակ մեծամասնութեան ճաշակին զոհ դառնալու , անոնց ճաշակը թարմացնել որոշեցի... 

Ձեր Խաշած փաթաթեսն ու սալաթը անուշ ըլլայ ձեզի... բայց կտոր մըն ալ միս հետը կարծեմ թէ բնաւ չի խանգարի...

 

 Խաժակ Այնթապլեան 

Խաժակ Այնթապեան

Խաժակ Այնթապեան

Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեան ծնած է 1 Յու...