Ո՜վ պատուական մեր սիրական
Գերազանց լոյս ողջ մարդկութեան
Երկիր եկար խոնարհելով
Բարութիւնդ հռչակելով։
Ոսկի առիթ, նոր հանգրուան
Ներաշխարհներ պայծառացան
Օրհներգութեան մեղեդիով
Գովքեր հիւսենք ջերմ աղօթքով։
Թող հոգիներ հարստանան
Քանզի տօնն է Սուրբ Ծննդեան
Երախտապարտ զգացումով
Պատուենք Մեսիան պաշտամունքով։
Դուն իշխանը խաղաղութեան
Ո՜վ տուիչը ազատութեան
Աշխարհի մէջ յայտնուելով
Յոյս սփռեցիր լի շնորհքով։
Դուն փրկութեան միակ ճամբան
Ծանուցումը մեծ յայտնութեան
Կոյս Մարիամէն ծնար մարմնով
Իրողապէս մարդանալով։
Հովիւները վկայ եղան
Հրեշտակաց երգակցութեան
Իսկ մոգերը խոր յարգանքով
Նուէր տուին գոհանալով։
Խաւար աշխարհ խաբէական
Չարաշուք է կորստական
Տէր մեր Փրկիչ, միայն քեզմով
Կրնանք գործել անկեղծ սիրով։
Լուրեր ցնցիչ ողբերգական
Քանդում, անկում, աւերներ կան։
Ո՜վ Մանկացեալ, Քու սուրբ ձեռքով
Օգնէ', օրհնէ' մեր կեանքը սով։
Խորհրդաւոր օր տօնական
Բիւր բարութեան շտեմարան
Յիսուս Մանկան մօտենալով
Վերածնունդ ապրինք հոգւով։
Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան