image

Աւելի քան 20 պաղեստինցի զոհուած է վերջին 24 ժամուան ընթացքին

Աւելի քան 20 պաղեստինցի զոհուած է վերջին 24 ժամուան ընթացքին

Աւելի քան 20 պաղեստինցի զոհուած է եւ աւելի քան 80 վիրաւորուած վերջին 24 ժամուան ընթացքին իսրայէլեան ռազմական հրթիռակոծութեան հետեւանքով։

Այս մասին ըսուած է Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածի հրթիռակոծումը կը շարունակուի, չնայած Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման միջեւ հրադադարի համաձայնագիրի վերջնաժամկէտի մօտենալուն, որ, ըստ  նախատեսուածին, ուժի մէջ պիտի մտնէ 19 յունուարի առաւօտեան: