image

Ատրպէյճանը կը մշակէ արհեստական բանականութեան ռազմավարութիւն

Ատրպէյճանը կը մշակէ արհեստական բանականութեան ռազմավարութիւն

Ատրպէյճանը կը մշակէ արհեստական ​​բանականութեան ռազմավարութիւն, որու մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը՝ յունուար 31-ին ելոյթ ունենալով Digital Almaty թուային միջազգային ֆորումի լիագումար նիստին։

«Մենք Ատրպէյճանի համար արհեստական ​​բանականութեան ռազմավարութիւն կը մշակենք։ Մենք յատկապէս կը կարեւորենք այն առաջնահերթ ոլորտներու առանձնացումը, ուր արհեստական ​​բանականութեան արհեստագիտութեան ներդրումը կրնայ զգալիօրէն բարձրացնել արդիւնաւէտութիւնը՝ առողջապահութիւն, փոխադրութիւն եւ կրթութիւն: Մենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք նաեւ ժամանակակից եւ ճկուն օրէնսդրութեան մշակման եւ ներդրման այս ոլորտումներու մէջ», -ըսած է Ասատով։