Ատրպէյճանն այսօրուան դրութեամբ բռնագրաւուած Արցախի մէջ բնակեցուցած է 2,417 ընտանիք՝ (9,306 մարդ). տուեալները խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է երկրի վարչապետ Ալի Ասատովը:
««Մեծ վերադարձ» ծրագրի շրջածիրէն ներս յաջողութեամբ կ՚իրականացուի բռնագրաւումէ ազատագրուած տարածքներ նախկին ներքին տեղահանուածներու վերաբնակեցման գործընթացը: Մինչ օրս 2,417 ընտանիք՝ 9,306 մարդ, վերաբնակեցուած է ազատագրուած տարածքներուն մէջ», - նշած է վարչապետը: