Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն տարածած է, յայտարարելով, թէ իբր Յուլիս 8-ի երեկոյեան ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: