Տեղի ունեցած է Լաչինի սահմանային անցակէտին մէջ բերման ենթարկուած Վագիֆ Խաչատրեանի նախնական հարցաքննութիւնը: Այս մասին APA-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով աւագ օգնական Իլկար Սաֆարովը։
Ատրպէյճանը Խաչատրեանին մեղադրանք ներկայացուցած է «Մեշալիի ցեղասպանութեան գործով»։
Իլկար Սաֆարովն ըսած է, որ Վագիֆ Խաչատրեանը կալանաւորելէ ետք ան նախ բուժզննում անցած է, տեղափոխուած է բուժհաստատութիւն.
«Առողջական վիճակէն ելլելով ան ենթարկուած է բժիշկներու զննութեան։ Բուժզննումէն ետք անոր տրամադրած են փաստաբան ու թարգմանիչ։ Վագիֆ Խաչատրեանին մեղադրանք առաջադրուած է ու կատարուած է նախաքննութիւն։ Ներկայիս անոր հետ կապուած կը կատարուին այլ քննչական գործողութիւններ»,-ըսած է ան։
Խաչատրեանի դուստրը աւելի վաղ ըսած է, որ հայրը որեւէ մասնակցութիւն չէ ունեցած որեւէ ցեղասպանական գործողութիւններու։