image

Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը լաւատես է խաղաղութեան գործընթացով

Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը  լաւատես է խաղաղութեան գործընթացով

Յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ձեռնարկած վերջին քայլերը պատմական հնարաւորութիւններու պատուհան բացած են, յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: Տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման պարունակին մէջ Մարք Լիպպին նշած է Պաքու-Ուաշինկթըն գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Դեսպանը բարձր գնահատած է սահմանազատման գործընթացը, նաեւ համոզում յայտնած, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման առաւել, քան երբեւէ:

«Խաղաղութեան համաձայնագիրն աննախադէպ կայունութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ, դուռ կը բանայ առեւտուրի եւ գործնական շփումներու ընդլայնման համար, ինչ որ օգուտ կու տայ ամբողջ տարածաշրջանին»,- ընդգծած է Լիպպի։

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յորդորել կողմերը՝ օգտուիլ ստեղծուած հնարաւորութենէն: «Մենք կ'ընենք հնարաւորը օգնելու այդ հարցով»,- ըսած է Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: